Անձնապէս ես ունեցած եմ ցնծութեան եւ ուրախութեան փորձառութիւնը, ազատ արձակուելով եօթը-տարիներու հիւանդութիւններէ եւ մղձաւանջէ, դառնալով զօրութեան տիրացած հոգեւոր ծառայ մը, որ կը նմանի Տէրոջը Ես շատ օրեր կրկին անգամներ ծոմապահութիւն ընելով աղօթած եմ, եւ յետոյ կանչուած եմ ըլլալու Տէրոջը ծառան Մարկոս 9.22-ի մէջ Յիսուս մեզի կ'ըսէ. Եթէ կրնաս հաւատալ Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ Նաեւ, ես կը հաւատայի ու կ'աղօթէի, որովհետեւ ես ամուր կերպով բռնած էի Յիսուսի հետեւեալ խոստումը. Ան որ Ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք Ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ՝ վասն զի Ես Հօրս քով կ'երթամ (Յովհաննու 14.12): Ասոր որպէս հետեւանք, ամէն տարուայ Արթնութեան Ժողովներուն միջոցաւ, Աստուած հրաշալի նշաններ եւ հրաշքներ ցոյց տուած է, եւ անհամար թիւով բժշկութիւններ եւ պատասխաններ տուած է մեզի Աւելին, 2003-ի Արթնութեան Ժողովի երկրորդ շաբթուան ընթացքին, Աստուած Իր զօրութեան յայտնաբերումը կեդրոնացուց այն անհատներուն վրայ՝ որոնք անկարող էին տեսնելու, քալելու, լսելու եւ խօսելու
ThriftBooks sells millions of used books at the lowest everyday prices. We personally assess every book's quality and offer rare, out-of-print treasures. We deliver the joy of reading in recyclable packaging with free standard shipping on US orders over $20. ThriftBooks.com. Read more. Spend less.